2012-04-07 11:10:09

Քրիստոսի Թաղման Կարգը` Պէյրութի Ս. Փրկիչ Եկեղեցւոյ Մէջ


Պէյրութի Պուրճ Համուտ հայաշատ թաղամասի՝ Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ, Քրիստոսի թաղման արարողութիւնը սկիզբ առաւ ուրբաթ, 6 ապրիլի՝ յետմիջօրէին, հանդիսապետութեամբ՝ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամեն. եւ գերերջ. Տ.Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին:
Խորանը լեցուած էր եկեղեցւոյ սպասաւորներով եւ քահանաներով ու վարդապետներով, իսկ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը յուզումով կը հետեւէր արարողութեան:
Արարողութեան աւարտին ամենապատիւ հոգեւոր տէրը այս առիթով իր պատգամը ուղղեց ներկայ հաւատացեալներուն: Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը իր պատգամին մէջ մասնաւորաբար ըսաւ. «Դժբախտաբար, կան հաւատքով տկար քրիստոնեաներ, որոնք նոյնացուցած են խաչը ցաւին եւ ձախողանքին հետ: Ասիկա փորձութիւն մըն է խորամանկ սատանայի կողմէ, որով կը վախցնէ թերահաւատները` օգտուելով անոնց այս կամ այն նեղութենէն կամ ցաւէն: Ասոր համար, պէտք է յաճախ աղօթել տառապեալներուն եւ մահամերձներուն համար: Քրիստոնեան «Հայր մեր»-ը կ՛աղօթէ ըսելով. «Եւ մի տանիր զմեզ ի փորձութիւն», այսինքն` որպէսզի փորձութեան մէջ չիյնանք: Հաւատացեալը քաջ գիտէ, որ ցաւը եւ մահը մաս կը կազմեն իր սահմանաւոր կեանքին: Ասոր համար, հաւատք ունեցողը ցաւէն եւ մահէն չի վախնար, մանաւանդ երբ իր աչքերը կը սեւեռէ խաչուած Յիսուսին վրայ: Յիսուս, անմեղ ըլլալով հանդերձ, մեզ սիրելուն համար կրեց ահռելի չարչարանքներ: Մեզի համար, խաչի նշանը սիրոյ հոմանիշ դարձաւ, եւ բնաւ երբեք` անէծքի նշան: Սատանան, որ սէրը չի ճանչնար, այլ միայն ատելութիւն կը սփռէ, մարդէն կը նախանձի եւ զինք բաժնել կ՛ուզէ Աստուծմէ, այսինքն` սիրոյ աղբիւրէն»:
Այնուհետեւ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ հայր Սարգիս վրդ. Դաւիթեան բեւեռեալ խաչին վրայէն իջեցուց Քրիստոսի մարմինը, որ զետեղուեցաւ դագաղին մէջ, որ շալկուեցաւ երիտասարդներու կողմէ:
Ապա Քրիստոսի թաղման թափօրը շրջեցաւ Պուրճ Համուտի փողոցներուն մէջ հասնելով մինչեւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան, ուրկէ մտնելով եկեղեցի թաղման արարողութիւնը կատարուեցաւ:
Բազմաթիւ հաւատացեալներ անցան գերեզմանին առջեւէն եւ կատարեցին աւետարանահամբոյրը:








All the contents on this site are copyrighted ©.